«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան ութական ճակատումներ:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Ա. հանգրուանի ճակատումները սկսան երկու շաբաթ առաջ:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Պորուսիա Տորթմունտ Գերմանիոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այս կարեւոր մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակեց անգլիացի Մարք Քլաթենպուրկը:
Նշենք, որ Քլաթենպուրկ նախապէս եօթը տարբեր առիթներով Ռէալ Մատրիտի կատարած մրցումներուն սուլած է, եւ այդ բոլոր մրցումներուն ալ Ռէալ Մատրիտ յաղթական դուրս եկած է:
Ստորեւ` այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ
Ե. ԽՄԲԱԿ
Մոսկուայի Բանակայիններ – Թոթենհամ
Մոնաքօ – Պայէր Լեւերքուզըն
Զ. ԽՄԲԱԿ
Պորուսիա Տորթմունտ – Ռէալ Մատրիտ
Սփորթինկ Լիզպոն – Պայէր Լեւերքուզըն
Է. ԽՄԲԱԿ
Քոփենհակըն – Ֆ. Ք. Պրիւժ
Լայսթըր Սիթի – Փորթօ
Ը. ԽՄԲԱԿ
Տինամօ Զաղրեպ – Եուվենթուս
Սեւիլլա – Լիոն
ՎԱՂԸ
Ա. ԽՄԲԱԿ
Արսենալ – Պալ
Լուտոկորեց Ռազկրատ – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Բ. ԽՄԲԱԿ
Պեշիքթաշ – Տինամօ Քիեւ
Նափոլի – Պենֆիքա
Գ. ԽՄԲԱԿ
Մէօնշընկլատպախ – Պարսելոնա
Սելթիք – Մանչեսթըր Սիթի
Դ. ԽՄԲԱԿ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Պայէրն Միւնիխ
Ֆ. Ք. Ռոսթով – ՓՍՎ Այնտհովըն