Շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Յակոբ Տօնոյեանի անուան Հայաստանի գերբաժակի մրցաշարքի հանդիպումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտն ու բաժակակիր Բանանցը:
Ալաշկերտ առաջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ, երբ փենալթիներով (3-2) յաղթեց Բանանցին:
Նշենք, որ Բանանց 5-րդ անգամն ըլլալով կը պարտուէր աւարտական մրցումին:
Մրցումին հաշիւը 44-րդ վայրկեանին բացաւ Բանանց` շնորհիւ Լայերսիոնի նշանակած փենալթիին: Սակայն 52-րդ վայրկեանին Արթուր Եդիգարեան սքանչելի կոլով մը արդիւնքը հաւասարեցուց 1-1-ի:
Մրցումին 120 վայրկեաններուն երկու կազմերը այլ կոլեր չկրցան նշանակել, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ մրցումին ելքը վճռելու համար դիմուի փենալթիներուն: