
Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ Սեն Ժոզեֆի դաշտին վրայ կը մրցի Լուէյզի Զուք Մոսպեհի դէմ:
Նախորդ տարեշրջանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ միայն կէտի մը տարբերութեամբ չկրցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ:
Սակայն այս տարեշրջանին խումբը լաւապէս պատրաստուած է ախոյեանութեան եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ` բարձրանալու համար Ա. դասակարգ:
Նշենք, որ խումբին միացած է հայրենի մարզիկ Անդրանիկ Կարապետեան, որ Լիբանան հասաւ շաբաթ, 10 սեպտեմբերին:
Խումբին համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
Խումբին մարզիչն է Յակոբ Տեմիրճեան, իսկ խումբին մաս կազմող մարզիկներն են.
Սեւակ Օհանեան (խմբապետ), Աւիկ Յարութիւնեան, Շանթ Պալեան, Աւօ Տոնպուրեան, Նենօ Քիւլխանճեան, Յովիկ Գէորգեան, Սերժ Մելիքեան, Վաչէ Ղուկասեան, Մհեր Սիւրմէնեան, Կարէն Սալխանեան, Դրօ Գասապեան, Արա Մարտիկեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Կարէն Մխիթարեան, Կարօ Խարբեդեան եւ Սերժ Տեքիրմենճեան:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբին:
 
			

