Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հերաքլես 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կրոնինկընի հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի ֆութպոլիստ Գոռ Աղբալեան, իր նորամուտը նշեց Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, երբ Հերաքլեսի կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ 86-րդ վայրկեանին: Ան մինչեւ այս մրցումը մաս կը կազմէր Հերաքլեսի երիտասարդական խումբին:
19 տարեկան Աղբալեան այս տարեշրջանին նախօրեակին Հիրենվինէն տեղափոխուեցաւ Հերաքլես: