
«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Համպուրկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Պրունօ Լապատիան, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Նախորդ շաբաթավերջին Համպուրկ այլ պարտութիւն մըն ալ կրելով, այժմ 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաւելագոյն 15 կէտէն ապահոված է միայն մէկ կէտ:
Անոր պաշտօնազրկումէն ետք Համպուրկ յայտարարեց, որ Մարքուս Կիստոլ (47 նշանակուեցաւ անոր յաջորդը:
Ան մինչեւ 30 յունիս 2017 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ: