Մարզական

Իրաքի Մէջ Սպաննուած Է ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալ,  Ազրպէյճանը Ներկայացուցած  Եւրոպայի Ախոյեան Ըմբիշը

Իրաքի Մէջ Սպաննուած Է ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալ, Ազրպէյճանը Ներկայացուցած Եւրոպայի Ախոյեան Ըմբիշը

Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ ռմբակոծումի պատճառով սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ, ազատ ոճի ըմբշամարտի 2009 թուականի Եւրոպայի ախոյեան Չամսուլվարա Չամսուլվարայեւ: Տաղստանցի ըմբիշը ներկայացուցած է Ազրպէյճանը: 2007-ին ան դարձած էր աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, 2009-ին` աշխարհի փոխախոյեան: 2007-ին, 2008-ին եւ 2010-ին եղած է Եւրոպայի ախոյեանութիւններու պրոնզէ մետալակիր: Չամսուլվարա Չամսուլվարայեւ ՏԱՀԵՇ-ի համար հիւսիսային Կովկասի մէջ կ՛անդամագրէր անձնասպանական գործողութիւններ իրականացնելիք կիներ: Բաւական տարօրինակ աշխատանք...

Ազրպէյճան Կը Մեղադրուի Ողիմպիականներուն Իրաւարարներ Կաշառելու Մէջ

Ազրպէյճան կը մեղադրուի Ռիօ 2016-ի 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մէջ փտածութեան նախագիծին մեղսակցելու յանցանքին համար: Նախագիծը ղեկավարած է ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի գլխաւոր իրաւարար, գերմանացի Անթոնիօ Սիլվեսթրի: Կը նշուի, որ փտածութեան նախագիծը Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Ուզպեքիստանի ըմբիշներուն օգնած է նուաճելու մետալներ: Ատոր համար ստեղծուած է իրաւարարներու խումբ մը, որուն ներկայացուցիչները նշանակուած են այդ 3 երկիրներու ըմբիշներուն մասնակցութեամբ մրցումներուն: Ազրպէյճանցիներուն պարագային անշուշտ...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

ՇՇՇՇ... . Բաւական ձանձրացուցիչ մրցումի մը կիսախաղի դադարին, խումբերէն մէկուն մարզիչը իր մարզիկներուն կ՛ըսէ. - Երկրորդ կիսախաղին համար երբ դաշտ պիտի մտնէք, անձա՜յն, լո՜ւռ մտէ՛ք: - Ինչո՞ւ լո՜ւռ մտնենք, - կը հարցնէ մարզիկներէն մէկը: Մարզիչը կ՛ըսէ. - Որպէսզի չարթնցնէք քնացած համակիրները:   Առջե՞ւ, Թէ Ետեւ Նախկին ֆութպոլիստ մը իր ընկերները ընթրիքի կը հրաւիրէ իրենց տունը: Ուրախ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ...

Հայաստանի Վարչապետը Ներկայացուց Հրաչեայ Ռոստոմեանին. «Անհրաժեշտութիւնը Կայ Ազգային Ծրագիր Կազմակերպելու»

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ իր աշխատակազմին ներկայացուց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նոր նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանը: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարար Գաբրիէլ Սարգսեանին` անոր կատարած աշխատանքին համար` նշելով, որ նոր նշանակուած նախարարը եւ նախկին նախարարը միասնաբար պիտի աշխատին եւ անոնցմէ ակնկալիքները մեծ են: Վարչապետը նաեւ նշեց, որ անհրաժեշտութիւն կայ մշակելու ազգային ծրագիր մը, որպէսզի ստեղծուի իրավիճակ մը` նկատի ունենալով, որ...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ահտ Բաւական Կարեւոր Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց

Լիբանանեան Ահտ ֆութպոլի խումբը Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումին բաւական կարեւոր հաւասարութիւն մը արձանագրեց, երբ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ 1-1 արդիւնքով բաժնուեցաւ իրաքեան Քուաթ Ժաուիյյա խումբէն: Սուրիացի Զահեր Միտանի նշանակեց իրաքեան կազմին կոլը (23-րդ), մինչ Հիւսէյն Տաքիք հաւասարեցուց արդիւնքը (62-րդ): Նշենք, որ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 հոկտեմբերին, Մարզական աւանին մէջ:

Մխիթարեան Շատ Հաւանաբար Մասնակցի Այսօրուան Մրցումին

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար այսօր իր մասնակցութիւնը բերէ Զորիայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Ըստ անգլիական ակումբին պաշտօնական կայքին, խումբին մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիօ, հանգստանալու առիթ պիտի տայ կարգ մը մարզիկներու, որոնց կարգին` Զլաթան Իպրահիմովիչին: Նշենք, որ Եունայթըտ այս մրցաշարքին գծով իր կատարած առաջին մրցումին պարտուեցաւ...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Հետաքրքրական Շարք Մը Ճակատումներ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօրուան յայտագիրին վրայ են բազմաթիւ ճակատումներ: Ճակատումներէն ոմանք պիտի ըլլան հետաքրքրական, մինչ ուրիշներ` համեմատաբար աւելի թեթեւ: Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Ա. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ Ֆեներպահչէ - Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ 22:05 Մանչեսթըր Եունայթըտ - Զորիա 22:05 Բ. ԽՄԲԱԿ   Ասթանա - Եանկ Պոյզ 18:00 Օլիմփիաքոս...

2018-ի Մոնտիալ. Յովհաննէս Համբարձումեան Բացակայ` Հայաստանի Կատարելիք Երկու Մրցումներէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարելիք մրցումներուն պիտի ունենայ բացակայ մարզիկ մը` մակեդոնական Վարտարի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեանը, որ վիրաւոր է: Նշենք, որ ան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեանի կողմէ նկատի առնուած էր վերոնշեալ երկու մրցումներուն, բայց ան վիրաւորուեցաւ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին: Նշենք, որ 8 հոկտեմբերին Հայաստան պիտի...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Պուլկարիա

Երէկ` չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին, Պուլկարիա մեկնեցաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 29 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր տեղի ունենալիք 17 տարեկանէն վար տարիքային ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու-շուի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նաում Սաատէ: Մարզիչն է` Փաթրիսիա Նըսէյր, իսկ մարզիկներն են` Ժորժ Սաատէ, Ալեքս Ռասի, Ճէյմս Ժեմայէլ, Ռոպին Հայքալ, Էլիզ Ապու Մրատ, Ճօ Հաշեմ, Քինտա Ֆաուազ, Աթեֆ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Յաղթեց, Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ

Պարսելոնայի յաղթական մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ: Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրն էր Աթլեթիքօ Մատրիտի, 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ: Եաննիք Ֆերէյրա - Քարասքօ նշանակեց Աթլեթիքոյի կոլը (35-րդ), մինչ անոր խմբակից Անթուան Կրիզման փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել (84-րդ): Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի` Գերմանիոյ մէջ: 1-0 արդիւնքով ուշացած Պարսելոնա...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, գլխաւորութեամբ` նախագահ Ուալիտ Նասսարի, իր ժողովը գումարեց իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ): Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի 15 նոյեմբերին` ընդառաջելէ ետք Նետիմ Հաքիմի առաջարկին: Վերջինս փափաքած էր Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքը յետաձգել եւ կատարել 4-12 նոյեմբերին: Ինչ կը վերաբերի ախոյեանութեան մրցումներուն ուղղակիօրէն պատկերասփռումին, բոլոր այն ընկերութիւններն...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ (Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ). Անսար - Թատամոն Սուր` 3-2 Ռասինկ - Թրիփոլի` 2-0 Նեպի Շիթ - Նըժմէ` 2-1 Սալամ Զղարթա - Իժթիմահի` 3-1 Սաֆա - Ախա Ահլի Ալէյ` 2-1 Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ (Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ). Իսլահ Պըրժ Շիմալի - Մապարրա` 3-1 Ահլի Նապաթիէ - Ռիատա...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Տորթմունտ – Ռէալ Մատրիտ` 2-2 Եուվենթուս` Մեծագոյն Յաղթանակը

«Չեմփիընզ Լիկ». Տորթմունտ – Ռէալ Մատրիտ` 2-2 Եուվենթուս` Մեծագոյն Յաղթանակը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ: Պորուսիա Տորթմունտ - Ռէալ Մատրիտ մրցումէն Կարեւորագոյն մրցումներէն մէկը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ, ուր Պորուսիա Տորթմունտ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը: Երկու կազմերն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էին: Տորթմունտ պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ մրցումին աւարտէն երեք վայրկեան առաջ նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը (2-2)` շնորհիւ Անտրէ...

Մուրինիօ. «Մխիթարեան Վիրաւոր Չէ, Բայց Ամբողջութեամբ Պատրաստ Չէ»

Նախորդ շաբաթավերջին Լայսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանին, թէեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, բայց անոր կազմէն դաշտ չներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով անոր բացակայութեան, Եունայթըտի մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիօ ըսաւ. «Մխիթարեան վնասուածք չունի, բայց ցարդ հարիւր տոկոսով պատրաստ չէ դաշտ ներկայանալու եւ մրցումի մասնակցելու: Եթէ կարեւոր...

Ըմբշամարտ. Լեւոն Գեղամեան` Վեթերաններու Աշխարհի Ախոյեան

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ֆինլանտայի մէջ աւարտեցաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի վեթերաններու աշխարհի ախոյեանութիւնը: 35-40 տարեկաններու 85 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամը` երեք անգամ ողիմպիական խաղերուն մասնակցած (1996, 2000, 2004) Լեւոն Գեղամեան, արձանագրելով 3 յաղթանակ, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Գեղամեան, նախքան աւարտականին իր տոմսը ապահովելը, կիսաւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի Մամատ Ալիեւին:

Արթուր Սարգիսով` Ապաքինած

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սարանաքի Մորտովա իր դաշտէն դուրս 4-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Քրասնոյարսքի Ենիսէէն: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ` Արթուր Սարգիսով, իբրեւ հիմնական մարզիկ 77-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Ենիսէի հետ: Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Արմէն Համբարձումեան եւս 62-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Նշենք, որ Ենիսէի կազմէն բացակայեցաւ Արթուր Մալոյեան: Այժմ Մորտովա 12 կէտով կը...

Ճատրակ. Արոնեանի Երկրորդ Հաւասարութիւնը

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Միհայիլ Թալի անուան ճատրակի 10-րդ յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ ռուս Եւգենի Թոմաշեւսքիի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը: Ան իր կատարած առաջին մրցումին եւս հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Պորիս Կելֆանտի հետ:

Խոաքին Պօղոսեան Կոլ Մը Նշանակեց Իր Կազմին Հետ

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արսենալ Սարանտի 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կիմնասիա լա Փլաթայի հետ: Հիւր կազմը` Կիմնասիա, թէեւ 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ մինչեւ 78-րդ վայրկեանը, սակայն ճիշդ այդ վայրկեանին ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան նշանակեց Արսենալի կոլը: Ան դաշտ ներկայացաւ իր այդ կոլը նշանակելէ չորս վայրկեան առաջ: Նշենք, որ այժմ Սարանտի 2 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 26-րդ...

Ռուսլան Քորեանի Կոլը Խապարովսքը Փրկեց Պարտութենէ Մը

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Խապարովսք իր դաշտէն դուրս 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Զենիթ-2-ի հետ: Ալեքսանտր Գրիգորեանին գլխաւորած խումբը` Խապարովսքը պարտութենէ փրկեց Հայաստանի հաւաքականի յառաջապահ Ռուսլան Քորեանի նշանակած կոլը` 57-րդ վայրկեանին: Հայ ֆութպոլիստը ցարդ նշանակած է չորս կոլ` ընթացիկ ախոյեանութեան ընթացքին: Նշենք, որ Ռուսլան Քորեան հրաւիրուած չէ Հայաստանի հաւաքական` Ռումանիոյ (8 հոկտեմբեր) եւ Լեհաստանի (11...

Page 1061 of 1276 1 … 1,060 1,061 1,062 … 1,276

Արխիւներ