Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Լուէյզի Զուք Մոսպեհի դէմ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարզադաշտին վրայ:
Թէեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ինք բացաւ մրցումին հաշիւը եւ Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 1-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին մրցակից կազմը` սաստկացնելով իր յարձակումները եւ իրերայաջորդ կոլեր նշանակելով, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 8-1 արդիւնքով:
Կ՛ակնկալուի, որ յաջորդ մրցումին ՀՄԸՄ-ի տղաքը իրենց ամէն կարելին ընեն` յաղթանակ արձանագրելու համար:
Բ. հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ «Էյ. Եու. Սի. Ի.»: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 2 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):