Sport.News.am կայքը կը հաղորդէ, որ հայ մարմնամարզիկները Նովոսիպիրսքի մէջ տեղի ունեցած` ողիմպիական ախոյեան Եւգենի Փոտկոռնուի անուան 11-րդ միջազգային մրցաշարքին տիրացած են վեց մետալի:
Նժոյգի մրցումներուն Արթուր Դաւթեան տիրացաւ ոսկի մետալին, ապա դարձաւ արծաթէ մետալակիր բազմամարտի, պտտաձողի եւ օղակներու վրայ մրցումներուն:
Զոյգ փայտի մրցումներուն ան տիրացաւ նաեւ պրոնզէ մետալին:
Իսկ օղակներու մրցումներուն, Վահագն Դաւթեան արժանացաւ ոսկի մետալին:
Նշենք, որ մրցաշարքին մասնակցեցան Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Ուզպեքիստանէն եւ Ազրպէյճանէն 120 մարզիկներ: