Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա

September 24, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

t-sour_92316Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 2 ճակատումներ:

Իսլահ Պըրժ Շիմալի, որ Ահտի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Մապարրայի, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Իսկ երկրորդ մրցումին Ռիատա Ուալ Ատապ, որ Թրիփոլիի մէջ հիւրընկալեց Ահլի Նապաթիէն, 2-1 արդիւնքով տեղի տուաւ անոր դիմաց:

Մրցումները կը շարունակուին այսօր եւ վաղը` երկուքական ճակատումներով:

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը վաղը` կիրակի, 25 սեպտեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պիտի կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին պիտի հիւրընկալէ Ահլի Սայտան:

Բնականաբար, իրերայաջորդ յաղթանակներու շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ բարձունքին եւ բնականաբար հոնկէ ուղղուիլ այլ բարձունք մը` Ա. դասակարգ:

Տարեշրջանը յաղթանակով սկսած ՀՄԸՄ-ի տղաքը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն` արձանագրելու իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, ներկայացնելով տպաւորիչ մրցում մը եւ անշուշտ կիրարկելով խմբային խաղաոճ մը:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի խիտ շարքերով ուղղուիլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերել իրենց կազմը` միաժամանակ մնալով զուսպ եւ օրինակելի համակիրներ:

Ստորեւ` 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Ղազիէ – Նասեր Պար Էլիաս 15:30 Քֆարժոզ
Շեպիպեթ Մազրաա – Ամալ Մաարաքէ 15:30 Սաֆա
ՎԱՂԸ    
ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա 15:30 Պուրճ Համուտ
Շապապ Արապի – Սաժես 15:30 Սաֆա

Ինչ կը վերաբերի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Թատամոն Սուր, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Անսարը, 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:

Անսարի յաղթանակի կոլը նշանակեց Ռապիհ Աթայա` 87-րդ վայրկեանին:

Նշենք, որ Անսար տարեշրջանը սկսած էր 5-2 արդիւնքով ծանր պարտութեամբ մը:

Այսօր Ռասինկ Ահտի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Թրիփոլին, մինչ Նըժմէ Պաալպեքի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Նեպի Շիթի:

Վաղը, Պհամտունի մէջ, Սաֆա հիւրը պիտի ըլլայ Ախա Ահլի Ալէյի, մինչ Թրիփոլիի մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին Իժթիմահի եւ Սալամ Զղարթա:

Նշենք, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Շապապ Սահել – Ահտ մրցումը յետաձգեց, որպէսզի Ահտ կարենայ աւելի լաւ ձեւով պատրաստուիլ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին:

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Լոնտոն Մայրաքաղաքի Տերպին

Յաջորդը

Ֆութսալ. Այսօր` Լուէյզի Զուք Մոսպեհ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.