Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ իր աշխատակազմին ներկայացուց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նոր նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանը:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարար Գաբրիէլ Սարգսեանին` անոր կատարած աշխատանքին համար` նշելով, որ նոր նշանակուած նախարարը եւ նախկին նախարարը միասնաբար պիտի աշխատին եւ անոնցմէ ակնկալիքները մեծ են:
Վարչապետը նաեւ նշեց, որ անհրաժեշտութիւն կայ մշակելու ազգային ծրագիր մը, որպէսզի ստեղծուի իրավիճակ մը` նկատի ունենալով, որ մարզաշխարհը կը դառնայ անհրաժեշտութիւն: