Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, գլխաւորութեամբ` նախագահ Ուալիտ Նասսարի, իր ժողովը գումարեց իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ):
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի 15 նոյեմբերին` ընդառաջելէ ետք Նետիմ Հաքիմի առաջարկին: Վերջինս փափաքած էր Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքը յետաձգել եւ կատարել 4-12 նոյեմբերին:
Ինչ կը վերաբերի ախոյեանութեան մրցումներուն ուղղակիօրէն պատկերասփռումին, բոլոր այն ընկերութիւններն ու պատկերասփիւռի կայանները, որոնք կ՛ուզեն իրենք ըլլալ այդ պատկերասփռումը կատարողները, պարտին իրենց թղթածրարը, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին հասցնել առաւելագոյնը մինչեւ երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2016:
Ֆետերասիոնը աւելի ծանրացաւ այս հարցին վրայ` նկատի ունենալով, որ շարք մը լուրջ առաջարկներ ստացած է պատկերասփիւռի կայաններէն եւ կ՛ուզէ ընտրել լաւագոյնը:
Ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ղրկուած 2017-ի յայտագիրին մէջ կատարուած որոշ փոփոխութեան, ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանան պիտի մասնակցի տղոց 16 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց ակումբներու ախոյեանութիւններուն: