
Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ ռմբակոծումի պատճառով սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ, ազատ ոճի ըմբշամարտի 2009 թուականի Եւրոպայի ախոյեան Չամսուլվարա Չամսուլվարայեւ: Տաղստանցի ըմբիշը ներկայացուցած է Ազրպէյճանը: 2007-ին ան դարձած էր աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, 2009-ին` աշխարհի փոխախոյեան: 2007-ին, 2008-ին եւ 2010-ին եղած է Եւրոպայի ախոյեանութիւններու պրոնզէ մետալակիր:
Չամսուլվարա Չամսուլվարայեւ ՏԱՀԵՇ-ի համար հիւսիսային Կովկասի մէջ կ՛անդամագրէր անձնասպանական գործողութիւններ իրականացնելիք կիներ:
Բաւական տարօրինակ աշխատանք մը` նախկին մարզիկի մը համար…


