
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարելիք մրցումներուն պիտի ունենայ բացակայ մարզիկ մը` մակեդոնական Վարտարի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեանը, որ վիրաւոր է:
Նշենք, որ ան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեանի կողմէ նկատի առնուած էր վերոնշեալ երկու մրցումներուն, բայց ան վիրաւորուեցաւ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին:
Նշենք, որ 8 հոկտեմբերին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Ռումանիան, իսկ 3 օր ետք հիւրը պիտի ըլլայ Լեհաստանի:


