Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սարանաքի Մորտովա իր դաշտէն դուրս 4-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Քրասնոյարսքի Ենիսէէն:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ` Արթուր Սարգիսով, իբրեւ հիմնական մարզիկ 77-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Ենիսէի հետ:
Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Արմէն Համբարձումեան եւս 62-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Նշենք, որ Ենիսէի կազմէն բացակայեցաւ Արթուր Մալոյեան:
Այժմ Մորտովա 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 17-րդ վտանգաւոր դիրքը, մինչ Ենիսէ` 21 կէտով 7-րդ դիրքը: