Նախորդ շաբաթավերջին Լայսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանին, թէեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, բայց անոր կազմէն դաշտ չներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով անոր բացակայութեան, Եունայթըտի մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիօ ըսաւ.
«Մխիթարեան վնասուածք չունի, բայց ցարդ հարիւր տոկոսով պատրաստ չէ դաշտ ներկայանալու եւ մրցումի մասնակցելու: Եթէ կարեւոր ճակատումներու կ՛ուզենք 3 կէտ խլել մեր մրցակիցէն, անհրաժեշտ է դաշտ ներկայացնենք ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս լաւ պատրաստուած մարզիկները»: