Լիբանանեան Ահտ ֆութպոլի խումբը Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումին բաւական կարեւոր հաւասարութիւն մը արձանագրեց, երբ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ 1-1 արդիւնքով բաժնուեցաւ իրաքեան Քուաթ Ժաուիյյա խումբէն:
Սուրիացի Զահեր Միտանի նշանակեց իրաքեան կազմին կոլը (23-րդ), մինչ Հիւսէյն Տաքիք հաւասարեցուց արդիւնքը (62-րդ):
Նշենք, որ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 հոկտեմբերին, Մարզական աւանին մէջ: