Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

September 30, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇՇՇՇ…

img1_92916

. Բաւական ձանձրացուցիչ մրցումի մը կիսախաղի դադարին, խումբերէն մէկուն մարզիչը իր մարզիկներուն կ՛ըսէ.

– Երկրորդ կիսախաղին համար երբ դաշտ պիտի մտնէք, անձա՜յն, լո՜ւռ մտէ՛ք:
– Ինչո՞ւ լո՜ւռ մտնենք, – կը հարցնէ մարզիկներէն մէկը:

Մարզիչը կ՛ըսէ.

– Որպէսզի չարթնցնէք քնացած համակիրները:

 

Առջե՞ւ, Թէ Ետեւ

Նախկին ֆութպոլիստ մը իր ընկերները ընթրիքի կը հրաւիրէ իրենց տունը: Ուրախ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ կինը ներկաներէն մէկուն կը հարցնէ.

– Մա՛յք, դո՞ւն ալ ֆութպոլի խումբին մէջն էիր:
– Այո՛, խումբին յետսապահն էի:
– Օ՜, առջեւի՞, թէ ետեւի…:

 

Կը Պատմե՞ս, Թէ…

img2_92916

. Աչազուրկ, կոյր մարդ մը կը մտնէ խմիչքի գիշերային վայր մը եւ սպասեակին դիմացը գտնուող աթոռին վրայ նստելէ եւ գարեջուր ապսպրելէ ետք անոր կը հարցնէ.

– Կ՛ուզե՞ս քեզի ապարանցիի մասին ճոք մը պատմեմ:

Այդ պահուն իր քովը նստած մարդը խորունկ ձայնով կ՛ըսէ.

– Նախքան պատմելդ, պէտք է գիտնաս, որ սպասեակը ապարանցի է, դռնապանը եւս ապարանցի է, ես 2 մեթր հասակով նոյնպէս ապարանցի եմ եւ քարաթէի սեւ գօտի կը կրեմ: Աւելի՛ն` քիչ մը անդին նստած երիտասարդը բռնցքամարտի ախոյեան է, որ նոյնպէս ապարանցի է: Հիմա, տակաւին կ՛ուզե՞ս պատմել այդ ճոքդ:

Կոյրը կ՛ըսէ.

– Օ՜հ, ո՛չ, ո՛չ, նոյն ճոքը հինգ անգամ պատմելու միտք չունիմ:

 

Ռոմանթիկ Ձիարշաւը

img3_92916

– Ինչո՞ւ ձիարշաւը ընդհանրապէս ռոմանթիկ է:

– Որովհետեւ նախքան մրցումը, կը շոյեն ձին, վազքուղիին վրայ ձին վազած ատեն գեղեցիկ մարմինը կը ցուցադրէ, ձիավարը (ճոքին) կը փաթթուի ձիուն, իսկ դուն, որ գրաւ դրած ես, դրամդ համբուրելով հրաժեշտ կու տաս ատոր:

 

Ամէն Ինչ Եւ Ոչինչ…

img4_92916

. Մարդ մը իր նոր դրացիին կը բացատրէ.

– Ես թենիս, պէյսպոլ, պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ կը խաղայի, բայց դադրեցուցի, երբ տղաս կտրեց փլէյսթէյշընը:

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան 46-րդ Նիստին Ընդառաջ. Ճիգերը Կը Շարունակուին Ներքին Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Մեղադրուի Ողիմպիականներուն Իրաւարարներ Կաշառելու Մէջ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.