Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Միհայիլ Թալի անուան ճատրակի 10-րդ յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ ռուս Եւգենի Թոմաշեւսքիի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը:
Ան իր կատարած առաջին մրցումին եւս հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Պորիս Կելֆանտի հետ: