Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արսենալ Սարանտի 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կիմնասիա լա Փլաթայի հետ:
Հիւր կազմը` Կիմնասիա, թէեւ 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ մինչեւ 78-րդ վայրկեանը, սակայն ճիշդ այդ վայրկեանին ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան նշանակեց Արսենալի կոլը: Ան դաշտ ներկայացաւ իր այդ կոլը նշանակելէ չորս վայրկեան առաջ:
Նշենք, որ այժմ Սարանտի 2 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 26-րդ դիրքը: