Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ֆինլանտայի մէջ աւարտեցաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի վեթերաններու աշխարհի ախոյեանութիւնը:
35-40 տարեկաններու 85 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամը` երեք անգամ ողիմպիական խաղերուն մասնակցած (1996, 2000, 2004) Լեւոն Գեղամեան, արձանագրելով 3 յաղթանակ, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Գեղամեան, նախքան աւարտականին իր տոմսը ապահովելը, կիսաւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի Մամատ Ալիեւին: