Մարզական

Զիտան. «Պենզեմա Կ՛ուզէ Վերադառնալ Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ»

Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Զինետին Զիտան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր խումբին մաս կազմող յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա կ՛ուզէ վերադառնալ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբ: Զիտան ըսաւ, որ ինք տեսնելով անոր ունեցած բաւական լաւ խաղարկութիւնը, կը նկատէ, որ ան արժանի է վերադառնալու ազգային խումբ, բայց եւ այնպէս ատիկա վերջնականապէս որոշողը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի մարզիչը:

Ճատրակ. Արոնեան – Մամետեարով` 0,5-0,5

Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի 8-րդ ախոյեան Միհայիլ Թալի անուան նուիրուած ճատրակի 10-րդ յուշամրցաշարքին, հանգիստի օրէն ետք, երէկ տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Նախորդ հանգրուանին հոլանտացի Անիշ Կիրիին յաղթած հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, երէկ սեւ քարերով ճակատեցաւ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովի դէմ: Կողմերը 40-րդ շարժումին համաձայնեցան հաւասարութեամբ բաժնուիլ իրարմէ: Հայաստանի ճատրակի յառաջատարը այժմ ունի 4 կէտ, իսկ Մամետեարով` 3:

Թոքիօ-2020. Ողիմպիական Խաղերու Մարզադաշտին Արժէքը` 1,5 Միլիառ Ամերիկեան Տոլար

Ճափոնի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ, որ Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու մարզադաշտին կառուցման համար տրամադրէ 1,5 միլիառ ամերիկեան տոլար: Այդ մարզադաշտին կառուցման աշխատանքները պիտի սկսին դեկտեմբերին եւ պիտի աւարտին` նոյեմբեր 2019-ին: Նշենք, որ այդ մարզադաշտին կառուցման աշխատանքները շուրջ մէկ տարիէ ի վեր կը յետաձգուէին` անոնց բարձր արժէքին պատճառով: Թոքիօ-2020-ի կայացման ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 30 միլիառ ամերիկեան տոլարով, կը յայտնէ «Էյ. Փի.»:  

Ռոպերթօ Տի Մաթէօ Պաշտօնանկ Եղաւ

Ռոպերթօ Տի Մաթէօ Ասթոն Վիլայի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ խումբին իտալացի մարզիչը` Ռոպերթօ Տի Մաթէոն, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով: «Փրեմիեր լիկ»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ասթոն Վիլա 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը: Խումբը Տի Մաթէոյի գլխաւորութեամբ 13 օգոստոսէն ի վեր յաղթանակ չէ արձանագրած: Անոր փոխարէն խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սթիւ Քլարք:

Նշմար.  «Ետեւդ Նայէ՛, Որ Առջեւդ Տեսնես»

Նշմար. «Ետեւդ Նայէ՛, Որ Առջեւդ Տեսնես»

ԹՈՐԳՈՄ Իլհամ Լաւ դիտեցէ՛ք նկարը: Մարզիկը (եթէ այդպէս կարելի է  անուանել զայն) «թեւը մտած է» Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որ շատ ուրախ կը թուի, աւելի ուրախ` քան... մարզիկը, որ յայտնի է, նախագահին աչքը մտած է: Երկուքն ալ հպարտ են եւ իրարու հետ` շատ սիրալիր: Նոյնիսկ ետեւը կանգնած անձը (թիկնապա՞հ, մարզի՞կ, կա՞մ մարզիկ ծպտուած թիկնապահ) ուրախ է, հաւանաբար ինքն ալ պիտի...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- «Էյ. Եու. Սի. Ի.» 4-1

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը եղաւ «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ն: Մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի երեկոյեան, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ): Մրցումին առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 1-0 արդիւնքով ի նպաստ «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ի: Բ. Կիսախաղին, երբ ամէն ոք կը կարծէր, թէ նախորդ մրցումին ծանր պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ այլեւս տապալած է, հայկական խումբին տղաքը քիփլինկեան...

Ճատրակ.  Հ. Մարտիրոսեան Եւ Մ. Պետրոսեան  Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեաններ

Ճատրակ. Հ. Մարտիրոսեան Եւ Մ. Պետրոսեան Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեաններ

Հայկ Մարտիրոսեան Մանուէլ Պետրոսեան Ռուսիոյ Խանթի Մանսիյսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան մրցաշարքին մէջ Հայաստանն ունեցաւ 2 ախոյեան: Մինչեւ 16 տարեկաններու բաց մրցաշարքին մէջ  ախոյեան հռչակուեցաւ Հայկ Մարտիրոսեան: Ան 11 հանգրուաններուն շահեցաւ 9 կէտ եւ առանձին գրաւեց առաջին դիրքը: Մինչեւ 18 տարեկաններու պայքարին մէջ ալ աշխարհի ախոյեան  դարձաւ Մանուէլ Պետրոսեան, որ նոյնպէս 11 կէտէն շահեցաւ 9 կէտ:...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնէն Խնդրեց Մխիթարեանը Չընդգրկել Հաւաքական

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը դիմեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` տեղեկացնելով, որ Հենրիխ Մխիթարեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով չի կրնար մասնակցիլ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախապատրաստական հաւաքին, փորձերուն, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի հաւաքականներուն դէմ մրցումներուն: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, այս մասին նշուած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին մէջ: «Հենրիխը ձախ ազդրի մկանի վնասուածքէն ետք տակաւին ապաքինման փուլին մէջ կը գտնուի: Հակառակ...

Բռնցքամարտ. Աբրահամ – Միւրէյ Վրէժի Մենամարտ

Արհեստավարժ բռնցքամարտի գերմիջին ծանրութեան դասակարգին մէջ աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ կրնայ վրէժի մենամարտ կատարել  բրիտանացի Մարթին Միւրէյի հետ: Մենամարտը նախատեսուած է 12 նոյեմբերին` Մոնթէ Քարլոյի մէջ: Աբրահամ-Միւրէյ մենամարտին յաղթողը կարելիութիւն կը ստանայ մրցելու աշխարհի ախոյեան, մեքսիքացի Ժիլպերթօ Ռամիրեսի հետ: Ռամիրես Լաս Վեկասի մէջ այս տարուան մայիսին տեղի ունեցած մենամարտին  այդ տիտղոսը խլած էր հայ բռնցքամարտիկէն: Աբրահամի եւ Միւրէյի միջեւ...

Մարզական Ծիծաղ…Ծիծաղ…

Մարզական Ծիծաղ…Ծիծաղ…

Հանգիստ-Մարզանք . Պատանի մը ֆութպոլի աւարտական մրցումի մը կը տանի իր մեծ մայրը, որ ֆութպոլի մասին բնաւ գաղափար չունի: Վերադարձին, երբ տնեցիները կարծիքը կը հարցնեն, մեծ մայրը կ՛ըսէ. - Ֆութպոլը կը բաղկանայ դաշտին վրայ գտնուող 22 անձերէ, որոնք անպայման հանգիստի կարիք ունին, մինչ թրիպիւններուն մէջ գտնուող 40 հազար անձերը մարզանքի կարիքը ունին:   Ֆութպոլի Մրցումի Հաղորդավարներու Ծիծաղելի Մեկնաբանութիւններ . «Մրցումը...

Ճատրակ.  Առաջին Անգամ Տեղի Կ՛ունենայ  «Երեւան Օփըն» Միջազգային Մրցաշարքը

Ճատրակ. Առաջին Անգամ Տեղի Կ՛ունենայ «Երեւան Օփըն» Միջազգային Մրցաշարքը

Այսօր կը սկսի «Երեւան օփըն» ճատրակի  միջազգային մրցաշարքը, որ առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նորայր Քալանթարեան լրագրողներուն յայտնեց, որ Հայաստանի կազմը աչքառու է ե՛ւ ուժով, ե՛ւ տիտղոսակիր մարզիկներու մասնակցութեամբ: Ըստ անոր, արդէն ճատրակի 23 վարպետներ մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած են : Մրցաշարքի բացման ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ- Շեպիպեթ Մազրաա 0 -0

Յաջորդական երկու համոզիչ յաղթանակներէ ետք, ՀՄԸՄ ինկաւ հաւասարութեան ծուղակը: Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի երէկուան մրցակիցն էր  Շեպիպեթ Մազրաան, որ յաջորդական երեք պարտութիւններ կրելով, ըստ երեւոյթին վճռած էր... ամէն գնով չպարտուիլ: Անշուշտ մրցումին արդիւնքը չի ներկայացներ խաղին իսկական պատկերը: ՀՄԸՄ առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջին երկվայրկեանը մրցումին ղեկը իր...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջին Կը Սկսին Նաեւ Իտալիոյ Եւ Սպանիոյ Ախոյեանութիւնները

Եւրոպական Ֆութպոլ

Շաբաթավերջին եւրոպական հինգ երկիրներու մէջ տեղի ունենալիք ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը: ԱՆԳԼԻԱ. ՇԱԲԱԹ       ԺԱՄ Սուանզի- Լիվըրփուլ 14:30 Հալ Սիթի - Չելսի 17:00 Սանտըրլենտ - Ուեսթ Պրոմուիչ 17:00 Ուաթֆորտ - Պուրնըմաութ 17:00 Ուեսթ Համ- Միտըլզպորօ 17:00 ԿԻՐԱԿԻ   Մանչեսթըր Եունայթըտ - Սթոք Սիթի 14:00 Լեսթըր Սիթի - Սաութհեմփթըն 16:15 Թոթենհամ - Մանչեսթըր Սիթի 16:15 Պըրնլի - Արսենալ 18:30 ԻՏԱԼԻԱ. ՇԱԲԱԹ           Փեսքարա...

Թենիս. Չինաստանի Մէջ Կարէն Խաչանով Նուաճեց Կիսաւարտականի Տոմսը

Ռուսիա բնակող հայազգի մարզիկ Կարէն Խաչանով Չինաստանի Չենտու քաղաքին մէջ ընթացող թենիսի միջազգային մրցաշարքի կիսաւարտականի իր տոմսը նուաճեց յաղթելով սպանացի Ֆելիցիանօ Լոփեսին` 6-3, 6-4 արդիւնքով: Քսանամեայ Կարէն Խաչանով աւարտականին հասնելու համար պիտի պայքարի Վիքթոր Թրոյիցքի (Սերպիա) - Քեւին Անտըրսոն (Հարաւային Ափրիկէ) զոյգի յաղթողին դէմ:

Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մասնակիցը Տուգանքի Ենթարկուեցաւ Պաղեստինին Զօրակցելուն Համար

Սկովտիական Սելթիք ֆութպոլի ակումբը աւելի քան 12 հազար տոլարի տուգանքի ենթարկուեցաւ իր համակիրներուն պատճառով: «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ իսրայէլեան Հափոյէլ Պեր Շեւայի դէմ Սկովտիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին Սելթիքի համակիրները  զօրակցութիւն յայտնած էին  Պաղեստինին: Հարիւրաւոր համակիրներ թրիպիւնին մէջ ցուցադրեցին Պաղեստինի դրօշներ եւ զօրակցական պաստառներ` իսրայէլեան խումբին եւ անոր  համակիրներուն դէմ: Յիշեցնենք, որ Սելթիք նուաճած է «Չեմփիընզ Լիկ»-ի խմբակային...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Կնոջը Հետ Թուղթ Կը Խաղայ . Բժիշկը իր յաճախորդը քննելու ատեն կը նշմարէ, որ անոր այտերն ու կզակը սեւ են: Բժիշկը կը հարցնէ անոր. - Պո՞քս  կը խաղաս, թէ՞ ֆութպոլ: Մարդը կ՛ըսէ. - Ո՜չ, գիշերները կնոջս հետ թուղթ կը խաղանք...   Ձիուն Վրայ Մնալ . Ձիարշաւի մասնակցած ձիու մը տէրը դժգոհ է արդիւնքէն: Ձիավարին մօտենալով կը հարցնէ. - Չե՞ս կարծեր,...

Նշմար. Դո՞ւն Ալ, Բրուտո՛ս

ԹՈՐԳՈՄ Դարեր շարունակ մարդիկ կը հաւատային, որ Բրիտանիա, Մե՜ծն Բրիտանիա, ուր արեւը մայր չէր մտներ, արդարութեան, մարդկային արժէքներու եւ բարոյական սկզբունքներու կրողն ու տարածողն է: Գաղութարար Մեծն Բրիտանիոյ տիրապետութեան տակ հիւծող ժողովուրդներն իսկ ստրկամտօրէն այդպէս համոզուած էին: Անշուշտ այդ ժամանակները անցան, երկիրներ ազատագրուեցան, եւ այլեւս Բրիտանիոյ մէջ ոչ միայն արեւը մայր կը մտնէ, այլ ընդհանրապէս... չի ծագիր: Բրիտանացի քաղաքական բարձրաստիճան...

Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի Կազմը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, 2018 թուականի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի հանգրուանին 8 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ռումանիա, ուր պիտի մրցի այդ երկրի ազգային հաւաքականին դէմ, իսկ 11 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ  Լեհաստանը: Պատրաստուելով այդ ճակատումներուն` Հայաստանի ազգային հաւաքականը 3-էն 9 հոկտեմբերին  մարզական հաւաք պիտի կատարէ Երեւանի մէջ: Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան արդէն հրապարակած էր արտերկրի մէջ  գտնուող ֆութպոլիստներուն անունները,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

«Եուրոփա Լիկ».

Երէկուան մրցումներուն արդիւնքները Ա. ԽՄԲԱԿ         Ֆեներպահչէ - Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ 1-0 Մանչեսթըր Եունայթըտ - Զորիա 1-0 Բ. ԽՄԲԱԿ         Ասթանա - Եանկ Պոյզ 0-0 Օլիմփիաքոս - Ափոյել Նիկոսիա 0-1 Գ. ԽՄԲԱԿ         Քապալա - Մայնց-05 2-3 Սենթ Էթիեն - Անտըրլեխթ 1-1 Դ. ԽՄԲԱԿ         Տունտալք - Մաքապի Թել Աւիւ 1-0 Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ - Ազ Ալքմաար 5-0 Ե. ԽՄԲԱԿ        ...

Page 1060 of 1276 1 … 1,059 1,060 1,061 … 1,276

Արխիւներ