
Քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ կրնայ կախակայուիլ Չիլիի դէմ տեղի ունեցած (2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարք) մրցումին վերջինիս համակիրներուն նկատմամբ ցուցաբերած վիրաւորական կեցուածքին համար:
Կը կարծուի, որ Սուարեզ միջազգային երկու մրցումով պիտի կախակայուի:


