ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ուրարտու պասքեթպոլի ակումբը, փակման սահմանին կանգնած է:
Խումբին մարզիկները եւ մարզիչները ցարդ իրենց աշխատավարձերը չեն ստացած: Ակումբը, տնտեսական շատ նեղ կացութեան մատնուած ըլլալով, շատ հաւանական է, որ մատի վրայ համրուող օրեր ետք լուծարուի:
Նշենք, որ Ուրարտու հիմնուեցաւ այս տարի` Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականին հիման վրայ:
Երեւանեան ակումբը, որ կը մասնակցի Ռուսիոյ պասքեթպոլի գերբաժակի ախոյեանութեան, այսօր` շաբաթ, 19 նոյեմբերին, մրցում մը ունի կատարելիք Եքաթերինպուրկի Ուրալի դէմ: