Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան կոչման 5-րդ հանգրուանի ճակատումը աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի եւ տիտղոսին համար պայքարող ռուս Սերկէյ Քարժաքինի միջեւ դարձեալ աւարտեցաւ հաւասարութեամբ` յաջորդաբար հինգերորդ անգամ ըլլալով:
Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 2,5-2,5 հաւասարութեամբ:
Երէկուան այս հանգրուանին Քարլսըն կը մրցէր ճերմակ քարերով: Մրցումը աւարտեցաւ 51-րդ շարժումին:
Ախոյեանութեան այս ճակատումը բաղկացած է 12 հանգրուաններէ: