Երեւանի Ուրարտու պասքեթպոլի ակումբը, շարունակելով իր անյաջող ելոյթները, Ռուսիոյ պասքեթպոլի «գերլիկա-1»-ին ծիրին մէջ կրեց իր 8-րդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ ռուսական Ուրալ Եքաթերինպուրկէն` 75-89 արդիւնքով:
Ուրարտուի նախագահ Արա Պօղոսեան նշեց, որ տնտեսական տագնապի մէջ եղող իր կազմը կրնայ լուծարուիլ: