Երէկ, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Յորդանան մեկնեցաւ Լիբանանի Թրիաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ Թրիաթլոնի ախոյեանութեան:
Յորդանանի մէջ Լիբանանը պիտի ներկայացնեն մարզիկներ Քարոլ Պոյաճեան եւ Գէորգ Ալթունեան:
Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ Մահմուտ Տիպ, որ օդակայանին մէջ յաջողութիւն մաղթեց երկու լիբանանահայ մարզիկներուն, աւելի ուշ անոնց պիտի միանայ Յորդանանի մէջ` ներկայ գտնուելու նաեւ Արաբական թրիաթլոնի ֆետերասիոնի համագումարին: