Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի անցեալ շաբաթավերջին կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբին մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` Կի Մանուկեանի:
Վարչապետ Հարիրի Կի Մանուկեանէն ստացաւ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 26-րդ միջազգային մրցաշարքին բաժակը, որուն տիրացած էր ՀՄԸՄ-ի կազմը` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Հարիրի շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ վերելք, յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն ընթացքին:
Վարչապետ Հարիրի եզրափակեց նշելով, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի լիբանանեան տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն օժանդակէ, որպէսզի անոնք միշտ վերելք արձանագրեն: