Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («ԱՅՊԱ») պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ չի ճանչնար Ռուսիոյ կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահի ընտրութիւնները, որոնք տեղի ունեցան 17 նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ:
Ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ Էդուարդ Հուսանով:
Սակայն ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Պորիս Իվանիուժենքով յայտարարեց, որ ընտրութիւնները կը նկատէ անօրինական:
«ԱՅՊԱ»-ի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Մենք տեղեակ ենք միայն 1 փետրուարին տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն: Մնացեալները իրականութեան չեն համապատասխաներ»: