Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն Փեքին-2008-ի ամառնային ողիմպիականի մարզիկներուն վրայ կատարուած քննութիւններուն արդիւնքը վերատեսութեան ենթարկելէ ետք յայտարարեց, որ 16 մասնակցողներուն արդիւնքները չեղեալ կը նկատուին: Անոնցմէ 11-ը մետալակիրներ են:
Այսպիսով, ազրպէյճանցի Վիթալի Ռահիմովէն (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ) կը խլուի անոր տիրացած արծաթ մետալը, իսկ անոր ազգակիցին` Նիզամ Փաշայեւի (ծանրաբարձութիւն) արձանագրած արդիւնքը (5-րդ) չեղեալ կը նկատուի:
Նշենք, որ այդ 11-էն ոչ մէկը ոսկի մետալի տիրացած էր: