Մարզական

«Քաս» Կրճատեց Ռէալ Մատրիտի Դէմ Սահմանուած Պատիժը

Լոզանի Մարզական վճռաբեկ դատարանը («ՔԱՍ») մասնակիօրէն բարելաւեց Ռէալ Մատրիտի դէմ սահմանուած պատիժը, որոշուած` ՖԻՖԱ-ին կողմէ, անոր արտօնութիւն տալով յունուար 2017-էն սկսեալ իր կազմին միացնելու նոր մարզիկներ: Սեպտեմբերին ՖԻՖԱ-ն, Ռէալ Մատրիտին եւ Աթլեթիքօ Մատրիտին արգիլեց մարզիկներու փոխանցման յաջորդ երկու սակարանին ընթացքին իրենց կազմին նոր մարզիկներ միացնել` նկատի ունենալով, որ երկու ակումբները խախտած էին կանոնագիրը` իրենց կազմին միացնելով անչափահաս ֆութպոլիստներ: 2015-ին այսպիսի...

Ուիմպըլտընի Կրկնակի Ախոյեան Փեթրա Քվիթովա Դաշունահարուեցաւ

Sport.cz կայքը կը հաղորդէ, որ Ուիմպըլտընի թենիսի կրկնակի ախոյեան Փեթրա Քվիթովա անծանօթ անձի մը կողմէ դաշունահարուեցաւ Փրոսթեժովի մէջ (Չեխիա) գտնուող իր տան մէջ: Իր ձախ ձեռքը վիրաւոր վիճակի մէջ, 26 տարեկան չեխ թենիսվումընը տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց: Կը նշուի, որ միջադէպը տեղի ունեցաւ գողութեան փորձի ընթացքին, որովհետեւ այդ անծանօթը 5 հազար քրոն գողնալէն ետք անհետացած է:

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Լինտելիոֆը

«Ա Պոլա» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի 22 տարեկան յետսապահ Վիքթոր Լինտելիոֆի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար պատրաստ է անոր ակումբին` Պենֆիքայի վճարելու 60 միլիոն եւրօ: Լինտելիոֆ, որ 2012-ին շուէտական Վեսթերոսէն միացաւ Պենֆիքայի, իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 11 մրցումի ընթացքին նշանակեց միայն մէկ կոլ:

Չելսի 90 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Ռոտրիկեզի Համար

Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը պատրաստ է քոլոմպիացի միջազգային միջնապահ Խեմես Ռոտրիկեզի փոխանցման համար անոր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի վճարելու 90 միլիոն եւրօ: Կը նշուի, որ Ռոտրիկեզ կ՛ուզէ հեռանալ արքայական ակումբէն, որովհետեւ Ռէալի մարզիչ Զինետին Զիտանի կողմէ շատ քիչ ժամանակ կը ստանայ ֆութպոլի մրցումներու մասնակցելու համար: Նշենք, որ «Լա լիկա»-ի նախորդ տարեշրջանին, Ռոտրիկեզ 26 մրցումի ընթացքին նշանակեց...

Անգլիացի Ամէնէն Տարիքոտ Ֆութպոլիստը Կոլի Հեղինակ` Իր Նորամուտի Մրցումին

Անգլիական շարք մը օրաթերթեր եւ մարզական պարբերաթերթեր հաղորդեցին, որ անգլիացի ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը` Տիքի Փորթվիք, կոլի հեղինակ դարձաւ իր նորամուտի մրցումին ընթացքին: 81 տարեկան անգլիացի միջնապահը մրցում մը կատարեց Փորթլենտ Թաունի վեթերաններու խումբին հետ: Թորսեթի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումը բարեգործական բնոյթ կը կրէր: Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայանալով` ան յաջողեցաւ դաշտին վրայ դիմանալ 70 վայրկեան, որմէ ետք ան փոխարինուեցաւ...

Ֆրանս-Ֆութպոլ. Անթուան Կրիզման` 2016-ի Լաւագոյն Ֆրանսացի Ֆութպոլիստը

Սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անթուան Կրիզման «Ֆրանս-ֆութպոլ»-ի կողմէ ճանչցուեցաւ 2016-ի տարուան լաւագոյն ֆրանսացի ֆութպոլիստը: Այս քուէարկութեան մասնակցեցան նախորդ տարիներուն ֆրանսացի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին գրեթէ բոլոր տիրացողները:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մէյրուպա Հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի 5-րդ Զոհը` Կրելով 46 Կէտի Տարբերութեամբ (114-68) Ծանր Պարտութիւն Մը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մէյրուպա Հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի 5-րդ Զոհը` Կրելով 46 Կէտի Տարբերութեամբ (114-68) Ծանր Պարտութիւն Մը

Ֆատի Խաթիպ (կեդրոնը, թիւ 15) PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: ՀՄԸՄ, որ Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին մէջ հիւրը եղաւ Մէյրուպայի, արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը` 46 կէտի տարբերութեամբ, 114-68 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով դաշտին տէրը, որ կրեց իր երրորդ պարտութիւնը: Սեւակ Քեթենճեան (ձախին) Մրցումին սկիզբէն մինչեւ աւարտը,...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»- 2016 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն

PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ 2016 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` բոլոր տեսակի ինքնաշարժներու մարզաձեւերուն մէջ, (քարթինկ, տրիֆթ, ռելի եւ այլն): Տարբեր տեսակի վարորդներ ստացան իրենց բաժակները, մրցանակներն ու յուշագիրները, կազմակերպիչ ակումբին` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն կողմէ: Մրցանակներ ստացողներուն կարգին եղան քարթինկի մրցումներուն մասնակցած (Էքս-30) Քարլ Էթիեմեզեան (կրտսերներ` երրորդ), Հրայր Խաչատուրեան (մեծեր` առաջին), Շանթ Էթիեմեզեան...

Փիեռ Քախիա Պաշտօնապէս Ստանձնեց Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի  Նախագահի Իր Նոր Պաշտօնը

Փիեռ Քախիա Պաշտօնապէս Ստանձնեց Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահի Իր Նոր Պաշտօնը

PROFOTO Երէկ երեկոյեան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նոր նախագահը` Փիեռ Քախիա, Ուալիտ Նասսարէն պաշտօնապէս ստանձնեց իր նոր պաշտօնը, անոնց միջեւ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութենէն ետք: Իր մօտ գտնուող բոլոր թղթածրարները յանձնելով Քախիային` Նասսար յաջողութիւն մաղթեց ֆետերասիոնի նոր նախագահին: Իր կարգին, Քախիա, որ աւելի ուշ գլխաւորեց ֆետերասիոնին նիստը, յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները...

Կռփամարտ. Արամ Աւագեան Իր Նորամուտը Նշեց Յաղթանակով

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի նախկին անդամ, Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցած Արամ Աւագեան նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց արհեստավարժ կռփամարտին մէջ: Ռուսական Վորոնեժ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 6 ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին, Աւագեան մեծ առաւելութեամբ յաղթեց Անտրէյ Նուրչինսքիի (Պիելոռուսիա): Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Նարեկ Աբգարեան, արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր կատարած երկրորդ մենամարտին:

Աշխարհի Պասքեթպոլի 2019-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականին Յայտագիրը

Նախորդ շաբաթավերջին, ՖԻՊԱ-ն հրապարակեց 2019-ի աշխարհի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Հայաստանի հաւաքականը իր ելոյթներուն կը սկսի 2 օգոստոս 2017-ին` ճակատելով Սլովաքիոյ դէմ: 5 օգոստոսին Հայաստան կը մրցի Շուէտի դէմ, ապա յաջորդաբար` Պոսնիոյ (9 օգոստոս), Սլովաքիոյ (12 օգոստոս), Շուէտի (16 օգոստոս) եւ Պոսնիոյ (19 օգոստոս) դէմ: Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան,...

Մխիթարեան Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Սանտըրլենտի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան պատրաստ պիտի ըլլայ 26 դեկտեմբերին Սանտըրլենտի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումին: Մխիթարեան, որ Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, նախորդ շաբաթավերջին Ուեսթ Պրոմուիչի դէմ կատարուած մրցումէն բացակայեցաւ: Իր կազմին հետ վերջին 4 մրցումներուն ընթացքին Մխիթարեան դարձաւ 2 կոլի եւ կոլի 2 փոխանցման...

Ռէալ Մատրիտ Ֆութպոլի Դպրոց Պիտի Բանայ Ուքրանիոյ Մէջ

«Այ-սփորթ» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլի դպրոց մը պիտի բանայ Ուքրանիոյ Թեռնոփոլ քաղաքին մէջ: Կը նշուի, որ ամէն տարի սպանացի փոքրեր կը մարզուին Ուքրանիոյ մէջ, իսկ ուքրանացի երեխաներ` Սպանիոյ մէջ: Արքայական ակումբին աջակցութեամբ ասիկա պիտի ըլլայ ֆութպոլի առաջին դպրոցը: Առաջին տարին այդտեղ պիտի մարզուին 100 փոքրեր, որոնց կարգին են 25 աղջիկներ: Ֆութպոլի դպրոցին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ յունուար...

Իվան Եաքան` Կոլի Հեղինակ

Պելճիքայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սերքլը Պրիւժ իր դաշտէն դուրս 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռուզելարէն: Սերքլը Պրիւժի միակ կոլը նշանակեց հայկական արմատներ ունեցող Իվան Եաքան, որ 24-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Եաքան 86-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Այսպիսով, 27 տարեկան Եաքան նշանակեց այս տարեշրջանի իր 8-րդ կոլը:...

«Էն. Պի. Էյ.»- Ուիզըրտծ Յաղթեց Քլիփըրզի, Պիլ Նշանակեց 41 Կէտ

Տեմարքուս Քուսինս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան եօթը ճակատումներ: Ուաշինկթընի մէջ, Ուիզըրտծ 117-110 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Պրետլի Պիլ նշանակեց 41 կէտ: Թէեւ Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 33 կէտ, բայց անոր կազմը` Սաքրամենթօ Քինկզ, 20 կէտի տարբերութեամբ, 99-79 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տալասի մէջ` Մավըրիքսէն: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ուաշինկթըն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Մնաց Անպարտելի Միակ Խումբը  Եւ Ջախջախեց Սաժեսը` 44 Կէտի Տարբերութեամբ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Մնաց Անպարտելի Միակ Խումբը Եւ Ջախջախեց Սաժեսը` 44 Կէտի Տարբերութեամբ

- Այսօր` Մէյրուպա - ՀՄԸՄ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նոր նախագահը` Փիեռ Քախիա, կը հետեւի մրցումին (կեդրոնը` ոտքի) ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ յետմիջօրէին «ՀՄԸՄ Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը թատերաբեմը դարձաւ ՀՄԸՄ-ի մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակին, երբ ՀՄԸՄ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 44 կէտի տարբերութեամբ եւ 129-85 արդիւնքով ջախջախելով...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն` Պարտուելով Նըժմէէն (5-2)

Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցաւ երկու անուանի ակումբներու` Նըժմէի եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ մրցումը: Նըժմէ 13-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, իսկ 29-րդ վայրկեանին նշանակեց այլ կոլ մըն ալ: Սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 2-1 արդիւնքով, երբ Դաւիթ Ղանտալեան նշանակեց սքանչելի կոլ մը: Բ. կիսախաղին սկսելէն եօթը վայրկեան ետք, Քրիսթիան Թիմունեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը:...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Չելսի, Եուվենթուս, Պարսելոնա,  Պայէրն Միւնիխ Եւ Նիս` Յաղթական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Չելսի, Եուվենթուս, Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ Եւ Նիս` Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Զլաթան Իպրահիմովիչ Սկսելով Անգլիայէն, առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը` Չելսի եւ Մանչեսթըր Սիթի, յաղթանակներ արձանագրեցին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ նոյնպէս յաղթանակ արձանագրեց: Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց երկու կոլերը: Այսօր տեղի կ՛ունենայ Լիվըրփուլ քաղաքի տերպին` Էվըրթընի եւ Լիվըրփուլի միջեւ: Եուվենթուս - Ա. Էս. Ռոմա մրցումէն Իտալիոյ...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Կազմերը` Յաղթական

ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, 4-3 արդիւնքով (կիսախաղ 3-2` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի) յաղթեց «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ): Անդրանիկ Կարապետեան եւ Աւօ Տոնպուրեան նշանակեցին երկուքական կոլ: Իր կարգին, յաղթանակ մը արձանագրեց ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Արարողութիւն` Ֆարեսի Եւ Ռըզքի Միջեւ

Շաբաթ, 17 դեկտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւն` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարի Ղասսան Ֆարեսի եւ նոր ընդհանուր քարտուղար Շարպել Միշել Ռըզքի միջեւ: Յանձնումը եւ ստանձնումը տեղի ունեցաւ շատ ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին Ֆարես բոլոր թղթածրարները յանձնելով Ռըզքի, անոր մաղթեց յաջողութիւն: Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, յանձնումի...

Page 1031 of 1277 1 … 1,030 1,031 1,032 … 1,277

Արխիւներ