Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Մնաց Անպարտելի Միակ Խումբը Եւ Ջախջախեց Սաժեսը` 44 Կէտի Տարբերութեամբ

Դեկտեմբեր 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Այսօր` Մէյրուպա – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նոր նախագահը` Փիեռ Քախիա, կը հետեւի մրցումին (կեդրոնը` ոտքի)
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նոր նախագահը` Փիեռ Քախիա, կը հետեւի մրցումին (կեդրոնը` ոտքի)
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ յետմիջօրէին «ՀՄԸՄ Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը թատերաբեմը դարձաւ ՀՄԸՄ-ի մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակին, երբ ՀՄԸՄ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 44 կէտի տարբերութեամբ եւ 129-85 արդիւնքով ջախջախելով իր հիւրը` Սաժեսը (31-6, 64-30, 97-57 եւ 129-85):

Այսպիսով, ՀՄԸՄ, որ ցարդ միակ անպարտելի խումբն է, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նոր նախագահ Փիեռ Քախիա:

vs-hekme_121716
Ֆատի Խաթիպ (թիւ 15), Իվան Ճոնսըն (թիւ 23) եւ Տուայն Ճեքսըն (ձախին)

Մրցումին սկիզբէն մինչեւ վերջ ՀՄԸՄ ամբողջութեամբ իր տրամադրութեան տակ պահած էր մրցումին ղեկը` ոչ մէկ առիթ տալով իր հիւրին, որպէսզի կարենայ ազատօրէն շարժիլ դաշտին մէջ:

Կանաչներուն միակ լաւ խաղացողը եղաւ ամերիկացի Թերել Սթոկլին, որ նշանակեց իր կազմին կէտերուն կէսը (40 կէտ, ներառեալ 5 թրի փոյնթ): Իսկ Սաժեսի ամերիկացի նորեկ մարզիկը` Իվան Ճոնսըն, նշանակեց միայն 16 կէտ:

Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել մինչեւ 48-ի (123-75):

ՀՄԸՄ-ի էսիսթներուն թիւը 33 էր, մինչ Սաժեսինը` 12: ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 6, իսկ Սաժեսինները` 21:

ՀՄԸՄ 41 թրի փոյնթերէն 19-ն հասցուց իրենց նպատակին (46 առ հարիւրը), մինչ Սաժես` 31-էն 8-ը (26 առ հարիւր):

Այսպիսով, Սաժես կրեց իր երրորդ պարտութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն, լաւագոյնը հանդիսացաւ Տուայն Ճեքսըն, որ նշանակեց 49 կէտ:

Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը.

Նետիմ Սուէյտ (22′ 48″, 9 կէտ, 3 թրի փոյնթ, 5 ռիպաունտ, 3 էսիսթ), Փաուլօ Պետիկեան (1′ 51″), Աթեր Մաճոք (21′ 29″, 11 կէտ, 6 ռիպաունտ), Էլի Շամուն (8′ 12″, 3 կէտ, 1 թրի փոյնթ), Նետիմ Հաուի (18′ 31″, 6 կէտ, 6 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (10′ 53″, 2 կէտ), Քարամ Մըշրեֆ (5′ 02″), Քեւին Կալոուէյ (29′ 07″, 12 կէտ, 2 թրի փոյնթ, 3 ռիպաունտ, 13 էսիսթ), Ֆատի Խաթիպ (28′ 40″, 33 կէտ, 6 թրի փոյնթ, 4 ռիպաունտ, 4 էսիսթ), Հայկ Կէօքճեան (15′ 16″, 4 կէտ, 2 ռիպաունտ, 5 էսիսթ) եւ Տուայն Ճեքսըն (38′ 11″, 49 կէտ, 7 թրի փոյնթ, 5 ռիպաունտ, 4 էսիսթ):

Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Քլոտ Ժըպրայել:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք դաշտը քանի մը ժամ առաջ լեցուցած էին եւ մրցումին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:

Այս հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Ռիատի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը:

Պիպլոս կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, երկարաձգումէն ետք, 92-86 արդիւնքով (14-13, 33-35, 51-50, 79-79 եւ 92-86), մինչ Ռիատի արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:

Նշենք, որ Ռիատի կատարեց իր առաջին մրցումը, իր նոր մարզիչին` Ահմետ Ֆարրանի հետ:

Այսօր կը սկսի 5-րդ հանգրուանը, երբ երեկոյեան ժամը 21:40-ին տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ:

Առաջինին Մէյրուպա կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը, Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ, մինչ երկրորդին Լուէյզի, «Սաֆատի» մարզադաշտին մէջ, հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետի:

Լուսանկարները Տրամադրեց
PROFOTO

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն` Պարտուելով Նըժմէէն (5-2)

Յաջորդը

«Այգ» Երգչախումբի Ելոյթը «Պէյրութ Չենթս»-ի Ծիրին Մէջ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?