Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան պատրաստ պիտի ըլլայ 26 դեկտեմբերին Սանտըրլենտի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումին:
Մխիթարեան, որ Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, նախորդ շաբաթավերջին Ուեսթ Պրոմուիչի դէմ կատարուած մրցումէն բացակայեցաւ:
Իր կազմին հետ վերջին 4 մրցումներուն ընթացքին Մխիթարեան դարձաւ 2 կոլի եւ կոլի 2 փոխանցման հեղինակ: