Երէկ երեկոյեան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նոր նախագահը` Փիեռ Քախիա, Ուալիտ Նասսարէն պաշտօնապէս ստանձնեց իր նոր պաշտօնը, անոնց միջեւ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութենէն ետք:
Իր մօտ գտնուող բոլոր թղթածրարները յանձնելով Քախիային` Նասսար յաջողութիւն մաղթեց ֆետերասիոնի նոր նախագահին:
Իր կարգին, Քախիա, որ աւելի ուշ գլխաւորեց ֆետերասիոնին նիստը, յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները կը պատկանին անցեալին, եւ այժմ բացուած է նոր էջ մը, իսկ ինք բոլորին հետ պատրաստ է գործակցելու անխտիր` ի շահ Լիբանանի պասքեթպոլին: