Շաբաթ, 17 դեկտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւն` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարի Ղասսան Ֆարեսի եւ նոր ընդհանուր քարտուղար Շարպել Միշել Ռըզքի միջեւ:
Յանձնումը եւ ստանձնումը տեղի ունեցաւ շատ ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին Ֆարես բոլոր թղթածրարները յանձնելով Ռըզքի, անոր մաղթեց յաջողութիւն:
Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, յանձնումի եւ ստանձնումի այլ արարողութիւն մը տեղի կ՛ունենայ ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ուալիտ Նասսարի եւ նոր նախագահ Փիեռ Քախիայի միջեւ: