
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան եօթը ճակատումներ:
Ուաշինկթընի մէջ, Ուիզըրտծ 117-110 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Պրետլի Պիլ նշանակեց 41 կէտ:
Թէեւ Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 33 կէտ, բայց անոր կազմը` Սաքրամենթօ Քինկզ, 20 կէտի տարբերութեամբ, 99-79 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տալասի մէջ` Մավըրիքսէն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 117-110 |
| Տալաս Մավըրիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ | 99-79 |
| Եութա Ճեզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 82-73 |
| Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պրուքլին Նեթց | 108-107 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Օրլանտօ Մեճիք | 109-79 |
| Պոսթըն Սելթիքս – Մայեմի Հիթ | 105-95 |
| Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ | 113-100 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Շիքակօ Պուլզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Օքլահոմա Սիթի – Աթլանթա Հոքս
Մինեսոթա Վուլվզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Տենվըր Նակեթց – Տալաս Մավըրիքս


