Անգլիական շարք մը օրաթերթեր եւ մարզական պարբերաթերթեր հաղորդեցին, որ անգլիացի ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը` Տիքի Փորթվիք, կոլի հեղինակ դարձաւ իր նորամուտի մրցումին ընթացքին:
81 տարեկան անգլիացի միջնապահը մրցում մը կատարեց Փորթլենտ Թաունի վեթերաններու խումբին հետ: Թորսեթի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումը բարեգործական բնոյթ կը կրէր:
Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայանալով` ան յաջողեցաւ դաշտին վրայ դիմանալ 70 վայրկեան, որմէ ետք ան փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: