Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
ՀՄԸՄ, որ Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին մէջ հիւրը եղաւ Մէյրուպայի, արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը` 46 կէտի տարբերութեամբ, 114-68 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով դաշտին տէրը, որ կրեց իր երրորդ պարտութիւնը:
Մրցումին սկիզբէն մինչեւ աւարտը, ՀՄԸՄ ինք եղաւ տիրապետողը` բոլոր քորթըրներն ալ աւարտելով ի նպաստ իրեն (20-24, 27-55, 46-87 եւ 68-114):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները 27 թրի փոյնթերէն 14-ը հասցուցին իրենց նպատակին, ձեռք ձգեցին 42 ռիպաունտ, կատարեցին 27 էսիսթ եւ միայն 6 թըրն-օվըր: Մէյրուպա կատարեց 16 թըրն-օվըր:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը, անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակով.
Նետիմ Սուէյտ (22′ 19″, 7 կէտ, 1 թրի փոյնթ, 3 ռիպաունտ), Փաուլօ Պետիկեան (2′ 13″), Աթեր Մաճոք (26′ 30″, 13 կէտ, 10 ռիպաունտ), Էլի Շամուն (15′ 27″, 3 կէտ, 3 ռիպաունտ), Նետիմ Հաուի (13′ 30″, 4 կէտ), Սեւակ Քեթենճեան (15′ 45″, 2 կէտ, 6 էսիսթ, 3 սթիլ), Քարամ Մըշրեֆ (0′ 19″), Քեւին Կալոուէյ (25′ 46″, 8 կէտ, 9 ռիպաունտ, 6 էսիսթ), Ֆատի Խաթիպ (29′ 30″, 30 կէտ, 4 թրի փոյնթ, 5 ռիպաունտ, 5 էսիսթ), Տանիել Պաղտատեան (2′ 13″), Հայկ Կէօքճեան (23′ 35″, 21 կէտ, 6 թրի փոյնթ, 4 ռիպաունտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (23′ 02″, 26 կէտ, 2 թրի փոյնթ, 5 ռիպաունտ, 4 էսիսթ):
Մէյրուպայէն Ռապըրթ Ափշօ նշանակեց 25 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Լուէյզի Թրիփոլիի մէջ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` 91-88 արդիւնքով պարտութեան մատնելով տեղւոյն Մութթահետը:
Լուէյզիէն Կերոն Ճոնսըն նշանակեց 29 կէտ, իսկ անոր խմբակից Լենտըլ Լուիս` 21 կէտ:
Մութթահետէն Տուարիք Սփենսըր նշանակեց 31 կէտ, մինչ անոր խմբակից Ուիլ Տանիելզ` 25 կէտ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս կը հիւրընկալէ Հուփսը: