Լոզանի Մարզական վճռաբեկ դատարանը («ՔԱՍ») մասնակիօրէն բարելաւեց Ռէալ Մատրիտի դէմ սահմանուած պատիժը, որոշուած` ՖԻՖԱ-ին կողմէ, անոր արտօնութիւն տալով յունուար 2017-էն սկսեալ իր կազմին միացնելու նոր մարզիկներ:
Սեպտեմբերին ՖԻՖԱ-ն, Ռէալ Մատրիտին եւ Աթլեթիքօ Մատրիտին արգիլեց մարզիկներու փոխանցման յաջորդ երկու սակարանին ընթացքին իրենց կազմին նոր մարզիկներ միացնել` նկատի ունենալով, որ երկու ակումբները խախտած էին կանոնագիրը` իրենց կազմին միացնելով անչափահաս ֆութպոլիստներ:
2015-ին այսպիսի պատիժ մը ստացած էր նաեւ Պարսելոնա: