
Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցաւ երկու անուանի ակումբներու` Նըժմէի եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ մրցումը:
Նըժմէ 13-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, իսկ 29-րդ վայրկեանին նշանակեց այլ կոլ մըն ալ: Սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 2-1 արդիւնքով, երբ Դաւիթ Ղանտալեան նշանակեց սքանչելի կոլ մը:
Բ. կիսախաղին սկսելէն եօթը վայրկեան ետք, Քրիսթիան Թիմունեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը:
Սակայն կարճ ժամանակ ետք, Նըժմէ փենալթիով նշանակեց կոլ մը: 69-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածուեցաւ 4-2-ի, իսկ 84-րդ վայրկեանին Նըժմէ կոլ մը եւս նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 5-2 արդիւնքով:
Նշենք, որ Նըժմէի կոլերը նշանակեցին Հասան Մոհամետ (հեթրիք), Մահեր Սապրա եւ Ապտել Ռազզաք Հիւսէյն:


