«Ֆորպս» ամսագիրը հրապարակեց աշխարհի 100 ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկներուն անունները:
Այս ցուցակը կազմելու ընթացքին նկատի առնուած են մարզիկներուն աշխատավարձը, պոնիւսները եւ ծանուցումներէն եկած եկամուտները` 2016 թուականին ընթացքին:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որուն եկամուտը 2016-ին կազմեց 88 միլիոն ամերիկեան տոլար:
2-րդ դիրքը կը գրաւէ Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի` 81,4 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Իսկ 3-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզի մարզիկ Լեպրոն Ճէյմս (77,2 միլիոն ամերիկեան տոլար):