
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
2002-ի Մոնտիալին իր երկրին` Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Ռոնալտինիօ, որ յատուկ այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Էլ. Էմ. Էս.» ընկերութեան հետ` ներկայութեամբ այդ ընկերութեան սեփականատէր Սամիր Շամխայի, ինչպէս նաեւ պաշտօնական այլ հիւրերու եւ մարզական լրագրողներու:
Անոր Լիբանան այցելութիւնը պիտի չըլլայ վերջինը` նկատի ունենալով, որ յառաջիկային, շատ հաւանաբար ապրիլին, ան Պարսելոնայի իր նախկին խմբակիցներուն հետ Պէյրութի մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի մրցում մը` Մարզական աւանին մէջ:
Այս առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին աւելի ուշ: