Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երեք ճակատումներ:
Սպանիոյ մէջ, 21-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Տեփորթիւօ Քորունա (16-րդ) կը հիւրընկալէ Ռէալ Պեթիսը (13-րդ):
Գերմանիոյ մէջ (19-րդ հանգրուան), Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ եղող (17-րդ եւ նախավերջին) Համպուրկ իր դաշտին վրայ կ՛ընդունի Պայէր Լեւերքուզընը (9-րդ)` ժամը 21:30-ին:
Վերջապէս, ժամը 21:45-ին, Մես (19-րդ) կը հիւրընկալէ Մարսէյը (6-րդ)` Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: