Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) Անդրանիկ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմէն կ՛ակնկալուի խմբային լաւ խաղարկութիւն մը կիրարկելով յաղթանակ արձանագրել, իսկ խումբին մարզիկներէն ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: