Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը վաղը կը մեկնի հարաւ, ուր Նեպիհ Պըրրիի անուան մարզահամալիրին մէջ (Սայտա) հիւրը պիտի ըլլայ Ահլի Սայտայի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պէտք է ընեն յաղթական վերադառնալու համար Սայտայէն:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 5 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ Սատի դաշտին վրայ կը մրցի Մաշաալ Պատնայելի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն համար յաղթանակը կը նկատուի խիստ անհրաժեշտ: