Լիբանանցի փորձառու լուսանկարիչ Մանսուր Շըպլի, որ մասնագիտացած է մարզական բոլոր տեսակի ինքնաշարժներու ախոյեանութեան ու մրցաշարքերու լուսանկարչութեան մէջ եւ ունի տարիներու փորձառութիւն, ազնիւ գաղափարը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ստեղծելու յատուկ «Սի. Տի. ՌՈՄ», ուր կարելի պիտի ըլլայ գտնել 2016 տարուան ամբողջ վիճակագրութիւնը` լուսանկարով եւ ձայնով:
Միայն լիբանանեան մարզաշխարհը (ռելիներու) չէ տեղադրուած անոր մէջ, այլ նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի:
Ան յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով «Պլու Էյվի» (Ժըհիթա) ճաշարանին մէջ մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցեց այս գծով եւ յայտնեց, որ միշտ հասանելի պիտի ըլլան այս լուրերը` բոլորին համար ալ անխտիր: