Լոնտոնեան Չելսիի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ֆրանք Լամփար, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
38 տարեկան Լամփար կը նկատուի Չելսիի լաւագոյն ռմբարկուն` 648 մրցումի ընթացքին նշանակելով 211 կոլ: