Կիրակի, 5 փետրուարին իր աւարտին կը հասնի ափրիկեան երկիրներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը, Եգիպտոսի եւ Քամերունի միջեւ, ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Երէկ գիշեր Քամերուն յաղթեց Ղանայի` 2-0 արդիւնքով, մինչ նախանցեալ օր Եգիպտոս փենալթիներով յաղթեց (4-3) Պուրքինա Ֆասոյի: Այս մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:
Պրոնզէ մետալին համար պայքարին, վաղը ժամը 21:00-ին Պուրքինա Ֆասօ կը մրցի Ղանայի դէմ: