Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 5 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ Մէյրուպա – Ռիատի Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Նշենք, որ երկուշաբթի, 6 փետրուարին որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ: