Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռաուտա Տըքուանէի դէմ:
Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Անդրանիկ Կարապետեան (2 կոլ), Աւօ Տոնպուրեան եւ Սեւակ Օհանեան:
Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 3-3 հաւասարութեամբ, ՀՄԸՄ կիրարկեց «փաուըր փլէյ»-ի խաղաոճը, որուն շնորհիւ յաջողեցաւ այս յաղթանակը արձանագրել:
17-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր մրցումը կը կատարէ կիրակի, 5 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին, երբ Նեպիհ Պըրրիի անուան մարզահամալիրին մէջ (Սայտա) կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ: