Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 2 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ռաուտա Տըքուանէի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի ժամը 21:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել` բարելաւելու համար խումբին դիրքը դասաւորման մէջ:


